2012-11-08 12:48:49

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսուն-իններորդ – Գլուխ Գ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (5)
Հարցում թիւ 137. Ինչու՞ Եկեղեցին կը կոչենք առաքելական։
Եկեղեցին առաքելական է որովհետեւ հիմնուած է Առաքեալներէն, կը պահէ հաստատ ինչ որ աւանդած են անոնք եւ կը կառավարուի անոնց յաջորդներէն։
Յիսուս իր քովը կանչեց Առաքեալները, որպէսզի ըլլային իր ամենամօտ գործակիցները, անոնք եղան իր ականատես վկաները։ Իր Յարութենէն ետք` Յիսուս իրենց երեւցաւ բազմաթիւ անգամներ. Անոնց տուաւ Սուրբ Հոգին եւ առաքեց որպէս պատգամաւորներ, տրամադրելով լիակատար իշխանութիւն, բոլոր աշխարհի վրայ։ Երիտասարդ Եկեղեցւոյ մէջ` անոնք եղան միութեան երաշխաւորները։ Ձեռնադրութեամբ` իրենց առաքելութիւնը փոխանցեցին իրենց յաջորդներուն` եպիսկոպոսներուն։ Այն ինչ որ այս վերջինները եւս ըրին, իրենց կարգին, մինչեւ օրս։ Այս գործընթացը կը կոչուի Առաքելական Յաջորդութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.